2014-08-18 10:59:09

Իրաքի Պատրիարքութեան հաղորդագիրը` Կարտինալ ֆիլոնիի այցելութեան մասին։


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յատուկ պատուիրակ` Կարտինալ ֆիլոնի, ընկերակցութեամբ Քաղտէացիներու պատրիարք` գերերջանիկ Սաքոյի, առաքելական դեսպանի եւ տեղական եպիսկոպոսներուն, հանդիպում ունեցաւ Քիւրտիստանի ինքնավար իշխանութիւններուն հետ, ու Տիւհոք եւ Էպրիլ մարզերու մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ փախստական քրիստոնեաներու ու եզիտիներու հետ'', կը յայտնէ Իրաքի Քաղտէացիներու Պատրիարքութիւնը, Կարտինալ ֆիլոնիի այցելութեան մասին հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Կեցութեան ընթացքին կարտինալը ականատես եղաւ Մուսուլէն, Նինիվէն ու Սինժարէն աքսորուած ընտանիքներու ապրած ողբերգութեան ու տառապանքին եւ ձայնակից եղաւ Սաքօ պատրիարքի կոչին, խնդրելով միջազգային հասարակութենէն ու կազմակերպութիւններէն.
առաջին` շտապ օգնութիւն բերել տեղահաններուն, սկսեալ ջուրէն, դեղորայքէն եւ սնունդէն։
Երկրորդ` ազատագրել բռնագրաուած գիւղերը ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքէն։
Եւ երրորդ` երաշխաւորել միջազգային պաշտպանութիւնը այդ գիւղերուն, որպէսզի փախստականները վերադառնան իրենց հայրենական տուները։
Նշենք որ փախստականները ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յատուկ պատուիրակին բացագանչած են ''օգնէ մեզի վերապրելու, օգնէ մեզի տուն վերադառնալու''։
Յայտնենք որ` Մարոնի Համայնքի Պշարա Ռայիի գլխաւորութեամբ, Արեւելքի Պատրիարքներու պատուիրակութիւն մը, մեկնած է Իրաքեան Քիւրտիստան, իրենց մօտիկութիւնը յայտնելու Իրաքի փախստական քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.